Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով արձանագրուած զարգացումներն ու կատարուած հաղորդակցութիւնները` արագացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Նախագահն ու վարչապետը քննարկեցին Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարն ու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պարտականութիւնը:
Քննարկուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին Լիբանանի մասնակցութեան հարցը եւ այդ առիթով վարչապետ Միքաթիի արտասանելիք խօսքը` նկատի ունենալով, որ ան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Նիւ Եորքի նիստին ընթացքին:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի լրագրողներուն ժպտալով ըսաւ. «Այս անգամ կէս ժամ տեւեց մեր հանդիպումը, սակայն յաջորդ այցելութիւնս պիտի ըլլայ երկար` մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը, նոյնիսկ եթէ ստիպուիմ հոս գիշերել` պիտի մնամ Պաապտայի մէջ»:
Պատասխանելով յաջորդ հանդիպումին մասին հարցումի մը` Միքաթի ըսաւ, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ Լիբանան վերադարձէն ետք:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ խորհրդակցութիւնները, յատկապէս` յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կատարուելիք հանդիպումին արձանագրուելիք բանակցութիւնները, նկատի ունենալով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին մէկ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Պէյրութ` քննարկելու համար կառավարութեան մշակած Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրը:


