Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 193 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.000 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 17.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 8000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 680.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 696.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 839.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 372.000 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ պենզինի կայարաններուն 90 առ հարիւրը փակ են, որովհետեւ վառելանիւթի վաճառքը զուտ վնաս կը պատճառէ այդ կայարաններուն:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական մարզին վերաբերող հարցեր:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին երէկ այցելեց Թրիփոլիի աղբանոցը, ուր շեշտեց թափօններու թաղման վայրեր կառուցելու անհրաժեշտութիւնը:

ՍԱՅՏԱՅԻ բանտէն 10 արգելափակեալներ փախուստ տուած են, իսկ ապահովութեան ուժերը զօրաշարժ յայտարարած են եւ կրցած քանի մը հոգին վերստին ձերբակալել: Մնացեալ արգելափակեալներուն փնտռտուքը կը շարունակուի:

ՇԹՈՐԱՅԻ դրամատուներէն մէկուն մուտքին, «Մերսետես» տիպի սեւ ինքնաշարժի մը մէջ գտնուող դիմակաւոր զինեալներ գողցած են քաղաքացի մը, որուն մօտ 51 հազար տոլար կը գտնուէր: Քաղաքացին յայտնած է, թէ այդ գումարը կը պատկանի Լիբանանի ելեկտրական թելերու ընկերութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ եթէ Լիբանան զրկուի նաւթային եւ կազային իր հարստութենէն օգտուելու կարելիութենէն, ապա թշնամին պիտի չկարենայ ունենալ այն, ինչ որ կը փափաքի ունենալ Քարիշի նաւթահորէն: Ան նշեց, որ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը: «Մարտահրաւէրներու դրութիւնը ոչ մէկ կերպով արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Լիբանանահայութեան Նուաճած Միասնականութեան Հարուստ Կենսափորձը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել 2022-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.