Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեսին Հրապարակին Վրայ. Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

September 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ:

Այս առիթով Պաշիր Ժեմայէլի զաւակը` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ 14 սեպտեմբեր 1982-ին Պաշիրի ֆիզիքական սպանութեամբ ոմանք փաստեցին, որ սուրիական ու իրանեան բռնագրաւումով կրնան քանդել լիբանանեան պետութիւնը եւ Պաշիրի ծրագիրը փոխարինել ձախող ծրագիրով:

Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլա իր ծրագիրով կը տիրէ երկրին, եւ անոր դէմ չդնելու պարագային Լիբանանը պիտի անհետանայ: «Պաշիր կը հաւատար, որ երկրին ուժը եւ զէնքը պէտք է պետութեան սեփականութիւնը ըլլան եւ ոչ թէ կուսակցութեան մը կամ կազմակերպութեան մը: «Մի՛ խեղաթիւրէք պատմութիւնը. ժողովուրդը կ՛ուզէր Պաշիրը, եւ Պաշիրի ծրագիրը քանդելն է դաւաճանութիւնը», շեշտեց ան:

Նետիմ Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք համաձայն են հանրապետութեան նախագահի մը, որ զուտ լիբանանեան է կամ Պաշիրի դպրոցէն: Անդրադառնալով Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահի գոյութեան կամ պալատէն հեռացումին, ան ըսաւ. «Նախագահը ո՛չ Պաապտայի մէջ եւ ո՛չ ալ այս հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունի, իսկ եթէ ան Պաապտայի մէջ մնայ, ապա մենք պիտի հեռացնենք զայն»:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը Լիբանանի համար անկիւնադարձային փուլ մըն է, որուն ընթացքին կա՛մ տառապանքը կ՛երկարաձգուի եւ կա՛մ փոփոխութիւն կը կատարուի: «Մենք կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ լուծէ Հըզպալլայի զէնքին հարցը», նշեց Սամի Ժեմայէլ:

 

Նախորդը

Մաուլաուի. «Լիբանան Բարձիթողի Վիճակի Մէջ Ձգուած Տարածք Մը Չէ Գործակալներու Եւ Գաղտնի Սպասարկութիւններու Դիմաց»

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Ելեկտրականութեան Հարցը Քննարկեց Ֆայեատի Հետ

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.