Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 220 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.400 լ. ոսկի է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ սահմանագծում կատարելու իմաստով կը խօսինք ոչ թէ շաբաթներու, այլ` օրերու մասին: Ան շեշտեց, որ ինք այս իմաստով լաւատես է, եւ մթնոլորտը դրական է: Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական իմաստով Լիբանան անկարող է հանդուրժելու տեղահանուածներու բեռին` աւելցնելով, որ նուազագոյն ազգային գիտակցութիւնը պէտք է ունենալ` համոզուելու համար, որ անոնք պէտք է տունդարձ կատարեն ապահով կերպով եւ արժանապատուութեամբ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 20.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 21.000 լ. ոսկիով, մազութը` 22.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 10.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 666.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 682.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 822.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 364.000 լ. ոսկի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օքուպոն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ իրեն համար յստակ է, թէ ներկայ կառավարութիւնը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2023-ի սկիզբը, նոյնիսկ եթէ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն նախատեսեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը` նկատի ունենալով խորհրդարանին մէջ արձանագրուած երկփեղկումը: Ան հաստատեց, որ այս հարցին լուծումը կարելի է ապահովել նոր կառավարութեան կազմութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումարին չմասնակցելու իրենց կեցուածքը կը յուշէ, որ այսօր սուգի օր է` յարգելու համար նահատակուած հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի յիշատակը:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ լիբանանեան բանտերուն մէջ հսկայ տառապանք գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ այս մտահոգութեամբ խորհրդարանին ներկայացուած է բանտարկութեան տարին վեց ամսուան վերածելու օրինագիծ մը:

ՊԵՏԱԿԱՆ պաշտօնեաներու լիկայի վարչական խորհուրդի անդամ Հասան Ուեհպի յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը ոչ մէկ կերպով նկատի ունեցած է պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձի սրբագրութիւնը: «Նկատի ունենալով, որ մենք ժամանակաւոր կերպով կասեցուցինք մեր յայտարարած բաց գործադուլը` ընդառաջելով պետական պաշտօնեաներուն համար ճշդուած ընկերային նպաստներուն եւ երկու ամսուան համար (օգոստոս եւ սեպտեմբեր) ճշդուած արդիւնաբերութեան յատուկ վճարումներու դրութեան, բայց եւ այնպէս կը նշմարենք, որ պետական ամավարկին մէջ պետական պաշտօնեայի ամսական աշխատավարձը սրբագրելու կէտի չգոյութիւնը մեզի պիտի մղէ վերադառնալու բաց գործադուլի ընտրանքին», շեշտեց Ուեհպի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան բանակը ստացաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի կողմէ ճշդուած քաթարեան նիւթական օժանդակութեան երկրորդ նուիրատուութիւնը: Նուիրատուութեան նպատակն է լիբանանցի բանակայիններուն օժանդակել` Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լոյսին տակ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը այս նուիրատուութիւնը հաւասարապէս պիտի բաժնէ բոլոր բանակայիններուն: «Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն գնահատեց Քաթարի այս նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի պետութեան, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ անոր բանակին, յատկապէս ճգնաժամերու ընթացքին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ Երկիրներուն Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակումը

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Լիբանան Բարձիթողի Վիճակի Մէջ Ձգուած Տարածք Մը Չէ Գործակալներու Եւ Գաղտնի Սպասարկութիւններու Դիմաց»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.