ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 190 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.300 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, մազութը` 12.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 15.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 679.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 695.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 827.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 387.000 լ. ոսկի:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Անսար Ալլահի պաշտօնական բանբեր, Եմէնի մէջ բանակցութեան ազգային պատուիրակութեան նախագահ Մոհամետ Ապտել Սալամը, որուն հետ քննարկեց շրջանին քաղաքական իրադարձութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ Եմէնի մէջ զինադուլի բանակցութիւններուն վերաբերող գործնական զարգացումներն ու առաջարկուած լուծումներուն հեռանկարները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որուն հետ կրնան կապի մէջ ըլլալ եւ որուն նկատմամբ երեսփոխանական բոլոր պլոքները համաձայն կ՛ըլլան:


