Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները` նկատի ունենալով միացեալ աշխատանքները:
Մքերի յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումին առումով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար հսկայ նուաճում է` աւելցնելով, որ կարելի չէ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ Սուրիոյ հետ գժտուած է եւ կը մերժէ սուրիացի պաշտօնատարներու հետ խօսիլ:
Միւս կողմէ, Մաուլաուի յայտնեց, որ թմրեցուցիչի դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ ապահովական կառոյցները կրցած են արձանագրել նոր յաղթանակ մը:
Ան նկատել տուաւ, որ մաքսատան թմրեցուցիչի դէմ պայքարի բաժանմունքը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կրցած է 165 քկ Քեփթակոն, որ համազօր է մէկ միլիոն Քեփթակոն դեղահատի, գրաւել եւ ձերբակալել գլխաւոր յանցագործը` Խ. Ս., որ սուրիացի է եւ նաւահանգիստի գործառնութիւնները կատարած է կեղծուած լիբանանեան անձնաթուղթով:
Մաուլաուի աւելցուց, որ Քեփթակոնի այս քանակը իբրեւ առաջին ուղղութիւն պիտի ուղարկուէր Սուտան:
Մաուլաուի հաստատեց, որ այս հարցին հետապնդումն ու յաւելեալ տուեալներու բացայայտումը պիտի շարունակուին:


