Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց քոլերայի համաճարակին յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ քննարկուած են քոլերան կանխարգիլելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլորին կողմէ ի գործ դրուելիք ջանքերը` Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակին դէմ պայքարելու համար:
Ապիատ յայտնեց, որ այս իմաստով տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` պետական հիւանդանոցներու պաշտօնէութեան կատարուելիք 2021-ի նիւթական պարտաւորութիւնները:
Ապիատ յայտնեց նաեւ, որ քաղաքապետարաններէն պիտի պահանջուի ըմպելի ջուրը եւ սիթեռններով բաժնուող ջուրը մնայուն կերպով քննել եւ զայն քլորինով հականեխել` Կարմիր խաչին հետ գործակցաբար:
Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Կրիօ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերն ու բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան մը յանգիլ:
Կրիօ նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկած են սահմանադրական մնացեալ գործընթացները, որոնք կ՛ապահովեն հաստատութիւններուն աշխատանքային ընթացքը:
Պատասխանելով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան մասին սէուտական-ֆրանսական խորհրդակցութիւններուն մասին հարցումի մը` Միքաթի յայտնեց, որ Ֆրանսա Սէուտական Արաբիոյ հետ շարք մը հարցերու մասին խօսակից է եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ ինք ստորագրած է կարգ մը անհատներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիր մը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս լուրը անհիմն է ու անճիշդ, ինչպէս նաեւ կը միտի իրարանցում ստեղծել: «Այս իմաստով վարչապետ Միքաթի կառչած կը մնայ իր կեցուածքին, այլ խօսքով` վարչապետը կը մերժէ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրը ստորագրել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


