 Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ շեշտեց, որ նկատի ունենալով տնտեսական ներկայ իրավիճակն ու ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան լոյսին տակ` անհրաժեշտ է ընդգծել նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վտանգը:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուին շուրջ համախոհութիւն պէտք է գոյանայ:
«Այս հարցը այսօր կախեալ է Սլէյման Ֆրենժիէէն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն, որոնց կը յարգեմ եւ կը մաղթեմ, որ անոնք համաձայն ըլլան: Մեզի համար առաջնահերթութիւնը այն է, որ հանրապետութեան նոր նախագահը ըլլայ արաբական ուղեգիծի ներկայացուցիչ, եւ այդ իրականութիւնը Ֆրենժիէի յատկանիշն է», ըսաւ ան:
Ուահապ հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են, որ յառաջիկայ շաբաթներն ու ամիսները ըլլան փուլ մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ մշակել փոխըմբռնում մը եւ ստեղծել երաշխիքներ, որոնք կը յանգին նախագահական ընտրութեան կայացման:
Միւս կողմէ, Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մեծ պետութիւններու մայրաքաղաքները որոշած են, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահ մը պիտի չընտրուի, մինչեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը: Ան յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վերջ տայ իր անհեթեթ կեցուածքներուն, ապա իրանցիները պատրաստ են Լիբանանին օրական 6 ժամ դրութեամբ ելեկտրական հոսանք տրամադրելու: Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախընտրութեան` Ուահապ յայտնեց, որ Պասիլ կը փափաքի, որ Ժիհատ Ազուր հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:
 
			

