ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.000 լ. ոսկի է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ կառավարութիւնը կազմելու, երկիրը իր տագնապներէն փրկելու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութեան վստահուած է աշխատիլ ի խնդիր հանրային շահերու ապահովումին: Ան խստիւ դատապարտեց լիբանանցի երեսփոխաններուն սարքած թատրոնը` նախագահական ընտրութեան ընթացքին, զայն որակելով քմահաճոյքի վերաբերող հարց: Ռայի պատրիարքը այս վարուելակերպը նկատեց քաղաքական փտածութեան եւ ազգային դասալքութեան գագաթնակէտ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի բոլոր ղեկավարներն ու պատասխանատուները անդրադառնան կացութեան զգայունութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը` առանց յապաղումի եւ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արգելակելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ ինք կը փափաքի լիբանանցիներուն հետ անկեղծանալ եւ շեշտել, թէ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է խուսափին Ա. իշխանութեան պարագային ստեղծուելիք դատարկութենէն, «հետեւաբար պէտք է անոնք անպայման ընտրեն հանրապետութեան նախագահը», ըսաւ ան: Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները յաւելեալ ժամանակ կորսնցնելու առաւելութիւնը չունին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ. «Ով որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վրայ գրաւ կը դնէ` նախագահական ընտրութեան իր առիթները բարելաւելու համար, ապա ան կը ջանայ ներկայ տագնապը աւելի եւս բարդացնել»:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ յանձնառու է Լիբանանի սահմաններուն պաշտպանութեան եւ կը պահպանէ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ դրական հարուած մը կը յառաջացնէ` Լիբանանի հանդէպ վստահութիւնը վերահաստատելու համար:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ հաւանական նկատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ծովային սահմանագծումը իրականութիւն դառնայ` աւելցնելով, որ Դամասկոս սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնած է այս իմաստով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ամերիկեան եւ սէուտական դեսպանատուներուն կողմէ միջամտութիւնները կը խոչընդոտեն նախագահական ընտրութեան ընթացքը:


