21 հոկտեմբեր 2022-ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական երկիրներու տեղեկատուութեան նախարարներու խորհրդաժողովին, որուն նիւթն էր «Լրատուական ապատեղեկատուութիւնը եւ իսլամոֆոպիայի երեւոյթը յետիրականութեան դարաշրջանի ընթացքին», Լիբանանի ներկայացուցիչը վերապահութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի ընդհանուր բանաձեւի երկու յօդուածներուն վերաբերեալ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին կատարած փոփոխութեան առաջարկներուն:


