Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ այցելեց Պեքաա, Պաալպեք եւ Հերմել` ստուգելու համար քոլերայով վարակման պարագաներն ու համեմատութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանի հիւանդանոցները, անոնց պատրաստութիւններն ու վերոնշեալ նահանգներուն մէջ որդեգրուած քոլերայի տարածման կանխարգիլումի միջոցները:
Ապիատին ընկերակցեցաւ միջազգային կազմակերպութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Ֆիրաս Ապիատ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Արսալի մէջ ստուգեց դարմանատունն ու ըմպելի ջուրի զտարանները, որոնք ֆինանսաւորուած են Կարմիր մահիկին կողմէ:
Ապիատ այցելեց նաեւ Արսալի քաղաքապետարանը, Քապ Էլիասի սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայանը, ինչպէս նաեւ Պար Էլիասի «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան յատուկ հիւանդանոցը:


