Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւններն ու այդ իմաստով ի գործ դրուած միջազգային ջանքերը:
Մեհրապի Մէջ
Վրոնեցքա այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական բեմերը յուզող հարցերը:
Ժահժահ Վրոնեցքայէն պահանջեց միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղել, որ երաշխաւորէ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել` սայթաքումէ եւ դէպի դատարկութիւն առաջնորդուելէ:


