Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ երէկ կէսօրէ ետք յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը երեք օրէ ի վեր ելեկտրականութիւն չունի, իսկ Պէյրութի նաւահանգիստը` 5 օրէ ի վեր: Համիէ հաստատեց, որ Թրիփոլիի նաւահանգիստը իր կարգին ամբողջ ամիս մը ելեկտրականութիւն չէ ունեցած:
Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է իրեն հետ` լուծելու համար այս հարցը, ինչպէս նաեւ կապեր հաստատած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ` այդ հարցին լուծում ապահովելու համար:
Համիէ յայտնեց, որ թէ՛ օդակայանին եւ թէ՛ նաւահանգիստին ելեկտրածին շարժակները աշխատած պահելու համար մազութ ապահովելու նպատակով հսկայական գումարներ կը վճարուին` աւելցնելով, որ իրենք պիտի սերտեն կարելիութիւնը ելեկտրածին նաւ մը վարձելու:
Համիէ նշած էր, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պարագային երեք շարժակները 72 ժամէ ի վեր առանց դադարի կը գործեն, եւ անոնցմէ մէկը ենթակայ է խանգարումի, հետեւաբար ասիկա կը սպառնայ օդակայանի ծառայութիւններու կասեցումին:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Զուքի ելեկտրակայանը վերսկսաւ գործել, եւ ելեկտրական հոսանքը վերադարձաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստին:


