Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Պաշտօնակատարը Չի Մտածեր Կառավարութիւնը Այլ Նիստի Մը Հրաւիրել

December 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Ախպար» օրաթերթը երէկ հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Հըզպալլա կը մերժէ Միքաթիի կողմէ կառավարութեան երկրորդ նիստ մը հրաւիրելու պահանջը:

Միքաթի կը հերքէ օրաթերթին հրատարակած այս ապատեղեկատուութիւնը` հաստատելով, որ ինք չի մտածեր կառավարութիւնը մօտիկ ապագային այլ նիստի մը հրաւիրելու մասին:

Հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ նաեւ, որ Միքաթի չի փափաքիր երկրին մէջ ստեղծուած ելեկտրականացած մթնոլորտը աւելի եւս շիկացնել, որովհետեւ անիկա իր գործելաոճը չէ, այլ` նման ապատեղեկատուութիւն կատարող լրատուամիջոցներուն ոճը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Միքաթի կը շարունակէ նախարարներուն հետ իր հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները, որպէսզի յառաջիկայ փուլին ընթացքին կառավարութեան կատարելիք աշխատանքային միջոցներուն եւ ձեւերուն մասին պատկերացում մը ունենայ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ նախքան շաբաթավերջը, Միքաթի խորհրդակցութիւններ կատարած պիտի ըլլայ բոլոր նախարարներուն հետ:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ անհատական միջադէպերուն ապահովական մեծ խախտումներու վերածուելու մտահոգութիւններ չկան:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Առանց Երկխօսութեան Կարելի Չէ Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համախոհութիւն Գոյացնել» Շեշտեց Պու Սաապ

Յաջորդը

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնակատարին

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.