Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը ռազմավարական է` աւելցնելով, որ Ռիատ լիբանանեան ներքին մանրամասնութիւններուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի: Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր փրկութեան:
Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան հաւանականութեան` Ժահժահ ընդգծեց, որ զօր. Աունի դէմ իրենք վեթօ չունին, եւ աւելցուց, որ Հըզպալլան պատասխանատու է նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արգելակելու:


