ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.500 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան
պենզինը` 5000 լ. ոսկիով, մազութինը` 6000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 747.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 767.000 լ. ոսկի, մազութը` 800.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 470.000 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մին Ճիան: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միքաթիի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Հայտար Նասեր եւ նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որ յայտնեց, թէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրած է խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ կառավարութեան աշխատանքին շուրջ համաձայնութեան մը` մինչեւ նախագահական ընտրութիւնը: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, որ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռահմէ յայտնեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը յանձնառու է հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու կարեւորութեան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Ֆերնզ Չիլաղը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի նկատմամբ Հունգարիոյ ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքը: Պու Հապիպին այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Լիբանանի ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիմա, որ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան կողմէ ներկայիս ստանձնուած ծրագիրները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ արտաքին կողմերէ յստակ կեցուածք մը չեն լսած հանրապետութեան նախագահի ոեւէ թեկնածուի մասին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Մանուճ Քումար Կարկը, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
 
			

