Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Ֆայեատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆրանսացի Պատասխանատուներու Հետ

December 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուի Ֆրանսա, Փարիզի մէջ հանդիպուներ ունեցաւ ֆրանսացի պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մարզը ներկայացնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու համար ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:

Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի յատուկ միջազգային նուիրատուութիւնները համակարգող եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու պատասխանատու Փիեռ Տիւքանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի տնտեսական իրադարձութիւնները` ընդհանրապէս, ու երկրին նաւթի եւ ուժանիւթի մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրները` յատկապէս, նկատի ունենալով վերջին ամիսներուն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան վաւերացուցած բարեկարգումները:

Տիւքան ընդգծեց ելեկտրականութեան մարզը համակարգող խորհուրդը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան մարզի վնասները տնօրինելու կարեւորութիւնը: Ան դրուատեց Ֆայեատի մշակած իրապաշտ ծրագիրը` վերաշխուժացնելու համար ուժանիւթի մարզը: Ան յոյս յայտնեց, որ Ֆայեատ այդ ծրագիրը ներկայացնէ լիբանանցի իր գործընկերներուն:

Տիւքան խոստացաւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իշխանութիւնները, այդ օժանդակութիւններուն զուգահեռ, պէտք է շարունակեն բարեկարգումներ կատարել:

Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով դիւանագիտական խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի հետ: Անոնք համաձայնութիւն գոյացուցին, որ Ֆրանսա օժանդակէ Միջազգային դրամատան հետ Լիբանանի բանակցութիւններուն:

Տիւրել խոստացաւ նաեւ օժանդակել դիւրացնելու համար Եգիպտոսէն կազ, իսկ Յորդանանէն ելեկտրականութիւն Լիբանան ներածելու հոլովոյթը: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ քաթարեան իշխանութիւններուն հետ պիտի դիւրացնէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 պլոքի հորատումը` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Քաթար կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի խօսի այդ մասին:

Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէններուն հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ գործող ընկերութիւններուն վրայ Ֆրանսայի Ելեկտրականութեան ընկերութեան վերակացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան տրամադրած թեքնիք օժանդակութիւնը` Լիբանանի ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգելու ապագայ ծրագիրը մշակելու առումով:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Այցելեց Նաքուրա

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Արգիլուած Է Երկրին Ապահովական Կաունութիւնը Խախտել»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.