ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.950 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 10.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 742.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 762.000 լ. ոսկի, մազութը` 794.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 467.000 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ 2023-ի պետական ամավարկը գրեթէ պատրաստ է` աւելցնելով, որ անոր պարփակած հիմնական յատկանիշը պիտի ըլլայ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի մէկ սակի ճշդումը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ մօտիկ ապագային թարմ ցորենի հունտերը պիտի տրամադրուին երկրագործներուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան պանանի Սուրիա արտածումը կը կատարուի ծրագրուած կշռոյթով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ պաշտպանութեան նախարարութեան յղեց նամակ մը` Արիտայի մօտակայքը Քապիր գետին շրջակայ հողերը մաքրելու, որպէսզի անոր յորդելու վտանգին առաջքը առնուի:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ երէկ կէսօրէ առաջ լսուած պայթումի ձայնը իսրայէլեան օդուժի թռիչքներուն ընթացքին ձայնի պատը ճեղքելու պատճառով արձանագրուած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական սանձարձակութիւնը անընդունելի դարձած է: Ան շեշտեց, որ ապահովական ուժերուն եւ բանակին պատասխանատուութիւնն է հակակշիռի տակ առնել տիրող կացութիւնը` աւելցնելով, որ քաղաքական պաշտպանութեան եւ ապահովական հանգիստի իրավիճակը Թրիփոլիի դէմ գործուած ոճիր է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Նեզիհ Մաթթա յայտնեց, որ լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չի մերժեր երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան սահմանադրութեան եւ չեն ուղղուիր դէպի արտաքին գործարքներ ու համաձայնութիւններ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի 12 երեսփոխաններ ներկայացուցին օրինագիծ մը, որուն շրջագիծին մէջ անոնք պահանջեցին կազմել խորհրդարանական յանձնախումբ մը, որ հետաքննութիւն բանայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի գործած ոճիրներուն առնչութեամբ եւ լիբանանեան դատական իշխանութեան կողմէ զայն չամբաստանելու վերաբերեալ: Օրինագիծը ստորագրած են երեսփոխաններ Սեզար Ապի Խալիլ, Սամեր Թում, Ֆարիտ Պուսթանի, Սելիմ Աուն, Շարպել Մարուն, Նատա Պուսթանի, Էտկար Թրապուլսի, Ժորժ Աթալլա, Նիքոլա Սահնաուի, Ղասսան Աթալլա եւ Ժըպրան Պասիլ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու լիբանանեան որոշումը կախեալ է միջազգային եւ շրջանային փոփոխութիւններէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Լի Ռիչըրտ Սոնտըրզ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:


