Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, երկխօսութեան հարցն ու օրէնսդրական հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան մասին տեղի ունենալիք երկխօսութեան, յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր չեն համոզուած երկխօսութեան ձեւին, իսկ ոմանք մտածած են, թէ նախքան տարեվերջ երկխօսութիւն կատարելը այդքան ալ ձեռնտու չէ:
«Լիբանանը յուզող ներկայ տագնապէն դուրս կարելի պիտի չըլլայ գալ` առանց երկխօսութեան, եւ կը մաղթեմ, որ համոզուինք երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութեան», շեշտեց Պու Սաապ:
Ան ընդգծեց, որ ինք Պըրրիէն հասկցած է, թէ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ խորհրդակցելու առումով ժամանակը անվերջ չէ, այլ` սահմանափակ է, «ու անկէ ետք` սկսեալ տարեսկիզբէն աւելի լուրջ աշխատանք պիտի սկսի», ըսաւ ան:
Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի այսօրուան նիստը զուտ նախագահական ընտրութեան նիստ է, ինչպէս նախորդները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


