Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մար Մխայէլի Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը Վերջին Սահմանագիծին Հասած Է, Իսկ Սլէյման Ֆրենժիէ Կամ Ժոզեֆ Աուն Տարազը Մերժելի Է»

Դեկտեմբեր 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը կը գտնուի վերջին սահմանագիծի եզրին, եւ այդ ալ այն պատճառով, որ համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ, սակայն արդիւնքներ չարձանագրեց:

Պասիլ վերահաստատեց, որ պատահածը շատ մեծ է եւ միայն լիբանանեան քաղաքական երկու ուժերու չի վերաբերիր: «Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը ժողով կը գումարէ՞ տալու ոչ այնքան հրատապ որոշումներ եւ 8 նախարարներու բացակայութեան», հարց տուաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ ազգային փոխըմբռնումը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, եթէ անիկա կը հակադրուի հաւասարակշռուած գործակցութեան: «Համագործակցութեան նկատմամբ յարգանքի չգոյութիւնը Ազգային ուխտի գործադրութեան առումով հարց մը կը ստեղծէ: Ոչ ոք թող փորձէ արտայայտութիւնս խեղաթիւրել, յատկապէս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մասին: Կառավարութեան նիստերուն գծով սէյիտ Նասրալլայի հետ համաձայնութիւն չէ եղած, եւ «անկեղծները» ըսելով նկատի ունէի Հըզպալլան», աւելցուց ան:

Պասիլ նշեց, որ ո՛չ զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ է եւ ո՛չ ալ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու է: Ան նկատել տուաւ, որ այս հարցը անհատական չէ, որովհետեւ հանրապետութեան հիմքերը հարուած կը ստանան: Հարց մը, որ կը գերազանցէ անձնականութիւնը:

«Շիի երկեակը զօրակցեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթիին, իսկ կառավարութեան նիստէն բխած հրամանագիրին մէջ վարչապետը ստանձնեց հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Մինչ սահմանադրութիւնը յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ նախարարաց խորհուրդը միասնաբար կը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները` գործակատարի հանգամանքով, եւ ոչ թէ վարչապետը», ընդգծեց Պասիլ:

Ան դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա կը փափաքի ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը պաշտպանէ Դիմադրութիւնը, եւ այս իմաստով կան Ժըպրան Պասիլն ու Սլէյման Ֆրենժիէն: «Նկատի ունենալով, որ ես թեկնածու չեմ, ապա կ՛որդեգրուի Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, որուն մասին Հըզպալլա փորձած է զիս համոզել, սակայն ես կը մնամ անդրդուելի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ սէյիտ Նասրալլայի անձը իր մտքին ու սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ եւ անոր մասին տարբեր կարծիք ունի, որովհետեւ ան բոլորէն տարբեր է:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ Սլէյման Ֆրենժիէ կամ զօր. Ժոզեֆ Աուն տարազը իրեն համար մերժելի է: Ան շեշտեց, որ հարցը իշխանութեան խնդիր չէ, այլ` գոյութենական հարց, «իսկ մեզի կարելի չէ գործարքներ պարտադրել` առանց մեր կեցուածքը յարգելու», յայտնեց Պասիլ:

Ան հաստատեց, որ իրենք համաձայն չեն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ Դիմադրութիւնը պաշտպանէ, որովհետեւ Դիմադրութիւնը ծրագիրի մը մէկ մասնիկն է եւ պէտք է զայն պաշտպանել` պաշտպանելու համար պետութիւնը: «Հետեւաբար մենք կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը պաշտպանէ պետութիւնը, պետութեան մէջ համագործակցութիւնն ու Դիմադրութիւնը», ըսաւ Պասիլ:

Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին` Պասիլ շեշտեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին յանձնառութիւնը շօշափած է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով: Ան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ գործակցութիւնն ու համադրումը անհրաժեշտութիւն են` աւելցնելով, որ իբրեւ քրիստոնեաներ իրենք պէտք է ընտրեն անձնաւորութիւն մը, որ երաշխիք է եւ բոլորին` նախ եւ առաջ Հըզպալլայի մտահոգութիւնները կը փարատէ:

Նախորդը

«Թոթալ Էնըրճիզ» Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանեան Կազը Պեղելու

Յաջորդը

Քաթարի Մէջ. «Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Յաջող Կերպով Կազմակերպելը Իրաքանչիւր Արաբի Հպարտութիւնն Է» Շեշտեց Պու Սաապ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?