Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Շնորհաւորեց Աուտէ Եպիսկոպոսը

December 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասի, երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն յայտնեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Միքաթի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսը համաձայն է ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութեան, «ինչպէս նաեւ մտահոգ է կրթական համակարգով եւ յաջորդող սերունդներուն դաստիարակութեամբ», հաստատեց ան:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ Աուտէ եպիսկոպոսը ընդգծած է երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ապահովութեան պահպանումը լիբանանեան պետութեան աշխատանքն է եւ ոչ թէ այլ խմբաւորումներու:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի առողջապահութեան ազգային ռազմավարութիւնը, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի յունուարի երկրորդ կիսուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կարգ մը հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են առողջապահութեան, դեղորայքին եւ դեղեր որդեգրելու իմաստով ի գործ դրուող ջանքերուն:

Նշենք, որ վարչապետարանէն հրապարակուեցաւ թիւ 10958 հրամանագիրը, որուն համաձայն` զինուորական անձնակազմին` ծառայող եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն, պիտի տրամադրուին յաւելեալ ընկերային օժանդակութիւններ:

Հրամանագիրը ստորագրեցին Միքաթի, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց, պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարներու պաշտօնակատարներ Պասսամ Մաուլաուի, Մորիս Սլիմ եւ Եուսեֆ Խալիլ:

Նախորդը

Վառելանիւթի Սակերը Նուազեցան, Սակայն Քաղաքացին Դարձեալ Խայտառակուեցաւ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Կուսակցութիւններու Ղեկավարները Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Դատապարտելու Ազրպէյճանը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.