Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սելիմ Սայեղի:
Պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին յայտնեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը լիովին կը բաժնէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեցուածքները, որովհետեւ անոնք Լիբանանի շահերուն կը համընկնին: Ան շեշտեց, որ հայրենիքը վտանգի տակ է` աւելցնելով, որ սահմանադրութիւնը տեղ մըն է, իսկ մենք այլ վայրի մէջ կը գտնուինք:
Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց ժողովուրդին ստացած հարուածներուն համար` աւելցնելով, որ երեսփոխանական պլոքները իրաւունք չունին իրենց ընթացքը շարունակելու` նախագահական ընտրութեան նիստերուն վերաբերեալ:
«Մենք կը խօսինք այն լեզուով, որով կը խօսի Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, եւ չենք փափաքիր, որ անձնական շահերը գերակշռեն հայրենիքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ կը փափաքինք, որ հաւատարմութիւնը ըլլայ միայն Լիբանանի հանդէպ: Հայրենիքը վտանգի ենթակայ է, եւ կարելի չէ նախագահական ընտրութեան գործընթացը նոյն ձեւով շարունակել», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը, անդրադառնալով Ռըմէյշի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն, յայտնեց, որ Ռըմէյշի մէջ հողային տարածքներուն դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւնները մերժելի են:
Իր կարգին, Սայեղ ընդգծեց Պքերքէի ազգային եւ պատմական դերակատարութիւնը` ողջունելով պատրիարք Ռայիի կեցուածքները, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն:


