ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.600 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 137.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 141.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 152.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 90.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 629.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 646.000 լ. ոսկի, մազութը` 700.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 413.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինք երկխօսութեան հրաւիրելու զոյգ փորձեր կատարած է` աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւն մը դարձեալ կրկնելու բացատրութիւն գոյութիւն չունի: Պըրրի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելէ առաջ նման նախաձեռնութիւններու պիտի չդիմէ: Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը սուրբ է` կոչ ուղղելով խուլիկաններուն իրենց ձեռքերը հեռացնելու Լեռնալիբանանէն: Համատէ ընդգծեց, որ Շուֆի կայունութիւնը ամուր է եւ պիտի տոկայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, թէ ուր որ փտածութիւն, համայնքային դրութիւն եւ շահերու բաժանում գոյութիւն ունի, քանդումը անխուսափելի կը դառնայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ արձանագրուած հաշտութիւնը կարելի չէ քանդել կամ խանգարել տղայական արտայայտութիւններով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը որոշած է վերջ տալ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի սակին արձանագրած խախտումներուն:


