Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկիրը յուզող տարբեր հարցերը:
«Կը մաղթենք, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն կատարուի, որպէսզի իշխանութիւնը հաւասարակշռուի, ինչպէս յայտնած էր Ռայի պատրիարքը», հաստատեց ան:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելու որոշումը կը տրուի վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ` աւելցնելով, որ տօնական օրերուն ընթացքին ապահովութեան ուժերը պիտի շարունակեն իրենց հսկողութիւնը իրականացնել, որպէսզի անոնք յոյս եւ վստահութիւն ներշնչեն իրենց հայրենիքին հանդէպ, ինչպէս նաեւ անխախտ պահեն երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Մաուլաուի հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիսին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ անոնց նախապատրաստական աշխատանքը սկսած է:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, որ յայտնեց, թէ Լիբանան կը գտնուի գերզգայուն կացութեան մը մէջ` աւելցնելով, որ կայ համոզում մը, թէ առանց հանրապետութեան նոր նախագահի կարելի չէ երկրին հարցերը լուծել:
«Նախագահական ընտրութիւնը յաջողութեամբ չպսակելու իրականութիւնը կը հաստատէ, որ ընտրական այդ հոլովոյթը տագնապալի վիճակի մէջ կը գտնուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին մէջ արձանագրուած դատարկութեան փուլը իր հետեւանքները կ՛ունենայ ամբողջ երկրին վրայ:
Մքերի նկատել տուաւ նաեւ, որ համախոհական նախագահի մը տեսութիւնը ժողովրդավարութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքին եւ Ֆրենժիէի միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց պատրիարքին` հաստատելով, որ Ռայի պատրիարքը եւ Ամալ շարժումի ղեկավար, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի համաձայն են նախագահական ընտրութիւն կատարելու գործիքակազմին շուրջ:


