Մայիսին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու խնդրանքով Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուած դիմումներուն մասին տրուած վճիռներէն վերջինները, որոնք կը վերաբերէին Մեթնի եւ Աքքարի շրջաններուն, հրապարակուեցան երէկ կէսօրին:
Այդպիսով յստակ դարձաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի դէմ Ժատ Ղոսընի ներկայացուցած վիճարկումը մերժուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ:
Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Թաննուս Մեշլեպ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ Մեթնի մէջ Ժատ Ղոսընի եւ Աքքարի մէջ Հայտար Իսայի կողմէ ներկայացուած վիճարկումները մերժուած են:
Մեշլեպ հաստատեց, որ Մեթնի պարագային մարոնի երեսփոխան մը իրաւունք չունի վիճարկելու հայ երեսփոխանի մը արդիւնքները, «սակայն ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ այդ մէկը կարելի է, բայց եւ այնպէս այդ վիճարկումը ժամկէտանց է` նկատի ունենալով, որ ներքին գործոց նախարարը 16 մայիսին յայտարարած է պաշտօնական արդիւնքները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Մեթնի կամ այլ շրջաններու պարագային իրենք անկողմնակալ կերպով գործած են եւ վերստին քուէներու հաշուարկ կատարած են:
Մեշլեպ ընդգծեց, որ իրենք քաղաքական կեանքին գործունէութիւն չունին, այլ` աշխատած են քուէներու վերստին հաշուարկը կատարելու:
Յ. Բագրատունի. «Սահմանադրական Խորհուրդի
Վճիռով Իրաւունքը Վերադարձաւ Իրաւատիրոջ»
Այս առիթով Յ. Բագրատունի «Նիտա ուաթան» օրաթերթի այսօրուան թիւով լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ իրեն համար այս որոշումը հպարտութիւն է` աւելցնելով, որ ինք բնաւ կասկած չէ ունեցած դատական իշխանութեան պարկեշտութեան մասին, ոչ ալ կասկած ունեցած է արդարութեան ինքզինք պարտադրելու եւ իրաւունքը իրաւատիրոջ վերադարձնելու իմաստով:
«Դատաւոր Թաննուս Մեշլեպ յայտարարեց, որ խոր քննելէ ետք այն պատճառները, որոնց հիման վրայ Ղոսըն վիճարկած է իմ եւ պաշտօնակիցիս` երեսփոխան Ռազի Հաժի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ի յայտ եկած է, թէ այդ պատճառները անբաւարար են վիճարկելու մեր արդիւնքները: Սահմանադրական խորհուրդին այս որոշումով կը հպարտանամ եւ անկեղծօրէն այս վճիռէն բացի այլ վճիռ չէի ակնկալեր, որովհետեւ մեր կողմէ ոչ մէկ օրինազանցութիւն կար, իսկ իմ արդիւնքներուս դէմ ներկայացուած վիճարկումը անուղղակի էր», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ ստացաւ իր իրաւունքը` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ խորհրդարանական աշխատանքը եւ ճիգ պիտի չխնայէ քաղաքացիներուն դժուարութիւնները մեղմացնելու իմաստով:
«Օրէնսդրական կեանքին մէջ մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք եւ անհրաժեշտ բարեկարգումները պիտի վաւերացնենք, յատկապէս պայքարելով փտածութեան դէմ, իրաւունքը վերադարձնելով դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ մեղմացնելով ընկերային կացութեան պարզած ծանր բեռը», եզրափակեց ան:


