ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.500 լ. ոսկի է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի սէյիտ Հասան Նասրալլայի երէկ երեկոյեան արտասանելիք ճառը ջնջուեցաւ` անհանգստութեան պատճառով: Ճառը պիտի պատկերասփռուի երեքշաբթի, 3 յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանին փրկութիւն չկայ, եթէ զայն յետամնացութեան առանցքէն կարելի չըլլայ փրկել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ Լիբանանը ապօրինի զէնքէն պաշտպանելու ՄԱԿ-ի միջամտութիւնը պարտականութեան վերածուած է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն պաշտօնազրկելու կամ դատավարութեան ենթարկելու կարելիութիւն չկայ մինչեւ յառաջիկայ յուլիս: Ան աւելցուց, որ յաջորդ փուլին Լիբանանը միջազգային հոգատարութեան յանձնելու եղանակը աւելի եւս պիտի բարձրանայ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանի լուծարման, ինչպէս նաեւ Լիբանանը միջազգային հոգատարութեան տակ զետեղելու ընտրանքին: Ուահապ յայտնեց նաեւ, որ Նեժիպ Միքաթի ատակ չէ վարչապետի պաշտօն ստանձնելու, այլ` ատակ է առեւտրականի իր դերակատարութեան մէջ մնալու:
ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանը շարունակելու համար պէտք է ամբողջացնել կեանքի նուազագոյն պայմանները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ 2023-ի սկիզբէն Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը 100 հազար կենսաչափական անցագիրներ պիտի ստանայ, իսկ յաջորդող 6 ամիսներուն ընթացքին այդ թիւը պիտի հասնի մէկ միլիոնի: Իպրահիմ ընդգծեց, որ այս ձեւով երկրին դիմագրաւած անցագիրներու տագնապի հարցը պիտի լուծուի: