«Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց լուր մը, որուն հիման վրայ հաստատեց, որ եւրոպական դատական պատուիրակութիւններ` Ֆրանսայէն, Լիւքսամպուրկէն եւ Գերմանիայէն, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, 9-20 յունուար պիտի այցելեն Պէյրութ` ամբողջացնելու համար Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին վերաբերող դատական հետաքննութիւնները:
Վերոնշեալ երկիրներուն իշխանութիւնները Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին յայտնեցին, որ կը փափաքին հետաքննութիւն կատարել Սալամէի եւ Կեդրոնական դրամատան պատասխանատուներուն հետ:
Նշենք, որ Ռիատ Սալամէի դէմ Լիբանանի եւ Եւրոպական երկիրներու կողմէ դատական հարցեր յարուցուած են, իսկ 2021-էն ի վեր Ֆրանսայի ելեւմտական ատեանը հետաքննութիւն բացած է Սալամէի հարստութեան մասին:


