Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.200 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դատարանի պատուիրակութիւնը, որ հարցաքննած էր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, այս ամսուան աւարտին` մեծ հաւանականութեամբ 22 ապրիլէն ետք, պիտի վերադառնայ Լիբանան` շարունակելու համար Սալամէի հարցաքննութիւնը, որ կը վերաբերէր դրամի լուացումի եւ իւրացման հետաքննութեան: Նշենք, որ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտնեց, որ ան այսօր պիտի բեկանէ Սալամէի դէմ նախապէս իր արձակած ճամբորդելու իրաւունքէ զրկելու որոշումը: Աուն այդ որոշումը պիտի բեկանէ` նկատի ունենալով, որ Ռիատ Սալամէ 16 մայիսին հարցաքննութեան կանչուած է Ֆրանսայի աւագ քննիչ դատախազ Պորուսիի կողմէ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադառնալու կարելիութիւնները:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ընդունեց նախկին երեսփոխան Ասեմ Քանսոն, որուն հետ քննարկեց Պաալպեք-Հերմելի մէջ երկրագործութեան վերաբերող հարցեր:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Աալուին, որուն հետ քննարկեց մշակութային հարցեր, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային խնդիրներ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ կասկածի տակ առաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու կայացումը: Հարցազրոյցի մը ընթացքին Համատէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին թափուր մնալը շատ աւելի վատ է, քան նախագահական դատարկութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ հաստատեց, որ խիստ մերժելի են երկրին մէջ վերջին ամսուան ընթացքին արձանագրուած ոճիրներն ու ապահովական միջադէպերը: Ան կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն հետապնդելու ապահովութիւնը խախտող կողմերը, որպէսզի վերջ տան անմեղ զոհերու արձանագրման ցաւոտ ու վատ իրականութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Աալուին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Սելիմ Սայեղը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պորել 13-15 Ապրիլին Չինաստան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Յետհաշուարկը Կրնայ Սկսիլ Ֆիթրի Տօնէն Ետք

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?