Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Պաշտօնապէս Բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

April 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումները քննարկուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի միջեւ:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին յղել բողոքի նամակներ` ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան ճամբով:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ նամակը կը բովանդակէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կառչած մնալու Լիբանանի յանձնառութեան կեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ իր գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած օդային, ցամաքային եւ ծովային յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները:

Այս որոշումին լոյսին տակ Պու Հապիպ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ժան Մրատին թելադրեց Լիբանանի կառավարութեան անունով բողոքագիրներ յանձնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին:

Իր բողոքագիրով Լիբանան զգուշացուց շրջանին մէջ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մօտակայքը, արձանագրուած վերջին զարգացումներու վտանգէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ նախանձախնդիր կը մնայ սադրանքներուն վերջ տալու եւ ինքնազսպումը պահպանելու:

Լիբանան իր նամակով շեշտեց, որ Իսրայէլ կը կրէ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին վրայ արձանագրուելիք ապահովական մագլցումներուն եւ անոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը:

Բողոքագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ինքնազսպումին` մեկնելով շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան իր գիտակցութենէն, ինչպէս նաեւ միջազգային իր պարտաւորութիւնները կատարելու յանձնառութենէն:

Լիբանան խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն գործուած ռմբակոծումը` լիբանանեան տարածքներուն վրայ, որ երկրին գերիշխանութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն է, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան դէմ սպառնալիք:

Լիբանան ընդգծեց, որ կը մերժէ իր հողերը օգտագործել շրջանին կայունութիւնը խախտելու իմաստով, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ իր գործակցութիւնը կը պահէ` կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար:

Լիբանան հաստատեց նաեւ, որ ինք յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի կայունութեան պահպանումին:

Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդէն եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց իսրայէլեան յարձակումները դատապարտել եւ ստիպել, որ Իսրայէլ վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործած իր ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործադրէ թիւ 1701 բանաձեւը:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Հանիէի Հետ Կը Քննարկէ Վերջին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Լիբանանի Յարութեան Մաղթանքներ Ու Պատգամներ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.