Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին` ներկայութեամբ նախարարութեան մէջ անձնական տուեալներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Էլիաս Խուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւնները:
Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիա:
Միքաթի ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ամին Շըրրին եւ Ռաէտ Պըրրոն:
Միւս կողմէ, Միքաթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահեց պետական մարզին վրայ ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքներու քննարկման նախարարական յանձնախումբի յատուկ նիստին, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձի յաւելումին շուրջ: Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկէ այդ համաձայնութիւնը եւ վերջնական վաւերացումը կատարէ այդ որոշումին:
Միքաթի նախագահեց նաեւ ելեկտրականութեան թղթածրարի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որ տեղի ունեցաւ վարչապետարանին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին:
Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ պետութեան մատակարարած ելեկտրականութեան ծառայութեան դիմաց վճարումները ամբողջացնելու առնչութեամբ բարելաւում արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ քննարկուած են պետական հաստատութիւններուն կողմէ ստացուած ելեկտրական հոսանքին համար չվճարելու հարցը: