Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի, անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆիի Լիբանան կատարած այցելութեան, յայտնեց, որ այդ այցելութեան նպատակն էր բացայայտել եւ զօրակցիլ միջլիբանանեան համախոհութեան, ինչպէս նաեւ օժանդակել, որ լիբանանեան քաղաքական պատասխանատուները համախոհութեան մը յանգին` Լիբանանը դուրս բերել կարենալու իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն:
Անսարի յայտնեց, որ նախագահական թեկնածու մը ճշդելու իմաստով Քաթար կը զօրակցի միջլիբանանեան համախոհութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: