Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա` ռամատանի  ուխտագնացութեան առիթով:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ 13 ապրիլի քաղաքացիական պատերազմի յիշատակին առիթով յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է այն ժամանակ միայն, երբ լիբանանցիք համայնքային մտայնութենէն հրաժարին եւ այդ յիշատակէն ուսանելի դասեր քաղեն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ այս կամ այն անձնաւորութիւնը գերիշխան կամ ոչ գերիշխան կոչելը օգտակար չէ: Ան հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութեան կարելիութիւնները տակաւին բարձր են` ընդգծելով, որ Ֆրենժիէ տակաւին կը մնայ նախագահական հիմնական թեկնածուն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ իրենք կը պատրաստուին տօնական օրերէն ետք հանդէս գալ միացեալ նախաձեռնութեամբ մը, որ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող բոլոր պայմանները կառավարութիւնը անկարող կը դարձնեն` քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելու: Ան հաստատեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները ըստ օրէնքի պէտք է յետաձգել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մասայոքի Մակուշին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Հըզպալլա Լիբանանի որոշումը առեւանգած է եւ հարաւային Լիբանանը վերածած երկրին քաղաքական իշխանութեան չենթարկուող շրջանի մը` ներկայ իշխանութեան յօժար կամքով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Սուրիա կը մնան արաբական եւ շրջանային կայունութեան մայր երակները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է նախաձեռնեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու` առանց սպասելու շրջանային տագնապներու լուծման:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ունին մեծ թիւով հրթիռներ, որպէսզի Իսրայէլը խեղդեն անոնցմով եւ վերացնեն անոր գոյացութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիան Ու Սուրիան Հիւպատոսական Ծառայութիւններու Եւ Թռիչքներու Վերականգնումը Յայտարարեցին

Յաջորդը

Մորիս Սլիմ. «Պէտք Է Կատարեալ Անաչառութեամբ Արդար Վճիռներ Արձակել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.