Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 21.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ արձանագրած: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.666.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.707.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.434.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 820.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Հանիպաալ Քազզաֆի կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ, ուր ան բժշկական խնամք կը ստանայ: Նշենք, որ Հանիպաալ Քազզաֆի երկու շաբաթ առաջ հացադուլ յայտարարած էր` բողոքելով 2015-էն ի վեր զինք բանտարկուած պահելու որոշումին դէմ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները հին են եւ ամրապնդուած` պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի ընդառաջեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մէջ մատուցուելիք ընթրիքի հրաւէրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի` անոր հանդէպ յարգանք յայտնելով: Ամանի յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ արձանագրուած զարգացումները եւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը ամբողջ շրջանին բարիք պիտի բերեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-քանատական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացուց Քանատայի Ազգային օրուան տօնակատարութեան: Տըրղամ Պըրրիի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մաքքոլմի եւ քանատական դեսպանատան մէջ գործող դիւանագիտական անձնակազմին: Տըրղամ ընդգծեց Քանատայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պահպանելու եւ զանոնք ամրապնդելու Լիբանանի յանձնառութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական յարմար թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան յանգիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պատահածը ներքին քաղաքականութիւն չէ, այլ` արտաքին շրջափակում, որ երկրին վրայ պատժամիջոցներ կը պարտադրէ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ կարգ մը աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ` «ամերիկեան որոշումով» մը:

ՆԱՀԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ֆրանսացի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանան կատարած այցելութեան եզրակացութիւնը այն է, թէ միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանի պատկերը աղաւաղուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը պէտք է իր գերիշխանական պարտականութիւնը կատարէ` նախագահական ընտրութեան շուրջ համախոհութիւն մը գոյացնելով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծելու նպատակով մթնոլորտը կ՛ուղղուի ներքին լիբանանեան եւ արտաքին համաձայնութիւններ գոյացնելու, այնպիսի ձեւով, որ ներքին լիբանանեան հաւասարակշռութիւնները պահպանուին եւ շրջանային համաձայնութեան մէկ բաժինը դառնան:

 

Նախորդը

Թենիս. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Երրորդ Յաղթանակը

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Թմրեցուցիչ Վաճառող Ցանցի Մը Անդամները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.