ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա շաբաթավերջին ընդունեց նախկին երեսփոխան Նասեր Քընտիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որուն հետ քննարկեց դատական իրադարձութիւնները, յատկապէս արդարութեան մարզին մէջ լիբանանեան եւ գերմանական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ տուաւ հետեւեալ հարցը. «Արդեօք անհրաժեշտ չէ՞, որ յստակ պատկերացում ունեցող հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել այն, ինչ որ մնացած է այս հայրենիքէն»:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի հանդիպում մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ: Ան շեշտեց, որ հայրենիքը չի կրնար երկարատեւ նախագահական դատարկութեան փուլ հանդուրժել` աւելցնելով, որ պէտք է որդեգրել այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնց նպատակը ժամանակ շահիլն է, մինչեւ որ կարելի ըլլայ շրջանային համաձայնութեան մը յանգիլ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ նկատի ունենալով հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու այն անկարելիութիւնը, որուն դիմաց կը գտնուի հաւանական մեծամասնութեան քաղաքական խմբակցութիւնը, «ապա միակ լուծումը կը մնայ փոխադարձ համախոհութեան գոյացումը», ըսաւ ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են առանց նախապայմանի երկխօսութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ երկխօսութիւնը մերժող քաղաքական ուժերը, որոնք կառչած կը մնան դիմացինը ջնջելու եւ անիրաւութեան ենթարկելու ոճին, Լիբանանը փրկելու իսկական առիթ մը կը կորսնցնեն:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը սահմանադրական հաստատութիւններու կարգաւորման եւ տագնապէն դուրս գալու բանալին կը նկատուի:


