Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Միջազգային Օրէնքներու Անտեսումը` Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Եւ Պահանջեց Վերջ Տալ Արցախի Շրջափակման

June 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կուսակցութիւններու պատասխանատուներու կատարած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ, Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ ազգային ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը ներկայացնող համակարգումի մարմինը այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ տեղական թէ արտաքին իրադարձութիւններուն վրայ:

Հանդիպումի աւարտին անոնք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր քննադատեցին կարգ մը կողմերու ցուցաբերած կեցուածքը: «Լիբանանի մէջ քաղաքականութեան անունով ոմանց որդեգրած քայլերը պարզապէս «յիմարներու ողբերգութիւն»  կարելի է անուանել», նշեց հաղորդագրութիւնը` դիտել տալով, որ երկրի տագնապներուն լուծման բնական ու հեզասահ ընթացքը կը կայանայ նախագահի ընտրութեան շուրջ երկխօսութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ քննադատեց «սիոնական յարձակումները պաղեստինցի խիզախ ժողովուրդին վրայ` փորձելով ջլատել անոր դիմադրողական կամքը»:

Այս առիթով հաղորդագրութիւնը նոյնպէս բուռն կերպով քննադատեց Ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան 180 օրերէ ի վեր Արցախի շրջափակումը, որ շրջանի բնակչութիւնը կը մատնէ ծանր տագնապի ու կ՛արգելակէ մարդասիրական օժանդակութեան փրկարար բոլոր քայլերը, անտեսելով միջազգային օրէնքներն ու միջպետական համաձայնութիւնները: Այս գծով ժողովականները կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընկերութեան` «անյապաղ ձեռնարկելու գործնական քայլերու, վերջ տալու համար այս անմարդկային կացութեան», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Շարունակելով Իր Տեսակցութիւնները Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ` Լը Տրիան. «Լուծումը Լիբանանցիներէն Կու Գայ»

Յաջորդը

Գրիգորեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ Երկաթուղիի Հեռանկարները

RelatedPosts

Չուլճեան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Դիմելու  Որեւէ Միջոցի` Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը Մերժելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Չուլճեան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Դիմելու Որեւէ Միջոցի` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Մերժելու Համար»

February 26, 2026
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Կ՛առաջարկէ  Սինոտական Կառոյց Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Կ՛առաջարկէ Սինոտական Կառոյց Ստեղծել

February 26, 2026
Թրամփ. «Իրան Ներկայիս Կը Զարգացնէ  Հրթիռներ, Որոնք Մօտ Օրէն  Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հասնին»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Ներկայիս Կը Զարգացնէ Հրթիռներ, Որոնք Մօտ Օրէն Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հասնին»

February 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.