ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին հաստատեց, որ Աքքարի մէջ բռնկած հրդեհը հակակշիռի տակ առնուած է` աւելցնելով, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը հսկայ ջանքերով կրցած են հրդեհին բոցերը մարել:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Պոյան Պելեւը: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց նախկին նախարար եւ երեսփոխան Թալալ Մերեհպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մերեհպի բարձր գնահատեց Մքերիի աշխուժ աշխատանքները` տեղեկատուութեան մարզին մէջ, եւ անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին ըսաւ. «Տագնապները երկխօսութեամբ կը լուծուին»:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նորընտիր ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ` շնորհաւորելով զայն անոր ընտրութեան առիթով: Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Մուխթարայի միջեւ գոյութիւն ունին պատմական յարաբերութիւններ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ պահանջուածը խորհրդարանին մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է, «նախագահ մը, որ լիբանանեան արտադրութիւն է», յայտնեց Խալաֆ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը ներկայ անել վիճակէն դուրս գալու լաւագոյն ելքերն են:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իրենք Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի դէմ չեն, այլ` դիմադրութեան առանցքին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ռաէտ Պըրրօ յայտնեց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնը ճշդած է հանրապետութեան նախագահին չափանիշները, որոնցմէ կարեւորագոյնները կը նկատուին երկրին ազգային միասնականութեան պահպանումն ու ժողովուրդին պաշտպանութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իրենք կարիք չունին արտաքին հոգատարութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն առնելիք միակ քայլը այն է, որ անոնք առանց նախապայմանի ներքին երկխօսութիւն կատարեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահական յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան իրենց հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած է, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ չունի` աւելցնելով նաեւ, որ Լը Տըրիան նաեւ չէ յայտնած, թէ Ֆրանսա շրջանցած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին զօրակցելու փուլը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահական յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարած է նախագահական ընտրութեան վերաբերող ֆրանսական նախաձեռնութիւնը յետս կոչելու մասին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ իրենց համար մերժելի է Լիբանանի վրայ ծրագիրներ պարտադրել` զայն ստրկացնելու նպատակով: «Մենք կը փափաքինք ընտրել հայրենիքը պաշտպանող հանրապետութեան նախագահ մը», ըսաւ ան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլին երկարաձգումը բացարձակ վնաս է բոլոր լիբանանցիներուն անխտիր:


