Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Մեծագոյն Մեղսակիցն Է` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցով»

June 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ Լիբանան առաջին երկիրն է տեղահանուածներու մեծագոյն թիւը ունենալու առումով, «իսկ նկատի ունենալով Լիբանանէն կատարուած արտագաղթի իրականութիւնը, ապա ստեղծուած է կացութիւն մը, որ անհանդուրժելի է երկրին համար»:

«Ճիշդ է, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով Լիբանանի տագնապը գոյութենական է, սակայն անոր հետեւանքները ընկերային ու տնտեսական են եւ բնակչութեան վրայ կ՛ազդեն: Պէտք է ըսել նաեւ, որ հարցը համայնքային չէ` նկատի ունենալով, որ քրիստոնեայ շրջանները աւելի նուազ կ՛ազդուին, քան այլ շրջաններ, սակայն այս չի նշանակեր, որ պէտք չէ աղմուկ բարձրացնել եւ մարդկային մեր իրաւունքները պահանջել», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածը զոհ է, իսկ զայն հիւրընկալող լիբանանցի քաղաքացին` այլ զոհ մը: «Մենք երկու ժողովուրդներէն ալ չենք հրաժարիր, սակայն այդ տագնապի լուծումին սկսելու համար մենք պէտք է ճշդենք, որովհետեւ արտաքին աշխարհէն լուծում սպասելը ապարդիւն է», հաստատեց ան:

Պասիլ աւելցուց նաեւ, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան շրջանին աւելի քան 450 հազար սուրիացի տեղահանուածներ տունդարձ կատարած են, «բայց եւ այնպէս ոչ ոք այս մասին բան կ՛ըսէ», աւելցուց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով Լիբանանի մէջ հսկայ ողբերգութիւն մը կայ, «որովհետեւ կառավարութիւնը եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի անձամբ` 2011-էն մինչեւ օրս մեծագոյն մեղսակիցներն են Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ` տեղահանուածներուն հարցով: Միքաթի եւ անոր կառավարութիւնը արտաքին ուժերու կամակատարներն են տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով», ըսաւ ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ անոնք բանիւ տարբեր յայտարարութիւններ կը կատարեն, հարց տալով, թէ գործով ի՞նչ կատարած են:

 

 

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Թմրեցուցիչ Վաճառող Ցանցի Մը Անդամները

Յաջորդը

Միքաթի. «Լիբանան Չի Կրնար Որեւէ Չարիքի Անցք Մը Ըլլալ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.