Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակելով Իր Տեսակցութիւնները Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ` Լը Տրիան. «Լուծումը Լիբանանցիներէն Կու Գայ»

Յունիս 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրորդ օրն ըլլալով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի յատուկ պատուիրակ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժան Իվ Լը  Տրիան երէկ` հինգշաբթի, 22 յունիս 2023-ին շարունակեց իր հանդիպումները լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ: Կէսօրէ առաջ ան տեսակցեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Ապա անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախագահական թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Ապա ան տեսակցեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Իսկ երեկոյեան ֆրանսացի պատուիրակը ընթրիքի շուրջ հանդիպում ունեցաւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտի հետ:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանի այժմու իրավիճակն ու յատկապէս առնչակից կողմերու կեցուածքները երկրի նախագահական ընտրութեան հարցին շուրջ: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի Լիբանանի տագնապներուն լուծումը նկատեց նախագահական ընտրութեան մէջ` նշելով, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը բարեկարգչական անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկած է:

Նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան գրառումով շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի դիւանագէտին եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյին` Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած հանդիպումի հրաւէրին համար, խորհրդակցութիւնները որակելով «դրական ու շինիչ»:

Երէկ երեկոյեան երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի Պայյատայի բնակարանին մէջ կայացած հանդիպումին անդրադառնալով` նախկին նախարար Նատա Պուսթանի իր կարգին «դրական» որակեց Ֆրանսայի պատուիրակին հետ շուրջ մէկ ժամ տեւած խորհրդակցութիւնները:

Նշենք, որ ֆրանսացի պատուիրակը բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ ինք Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին գծով նոր նախաձեռնութիւն չունի: Պքերքէի հանդիպումի աւարտին Լը Տրիան յայտնեց, թէ նախագահական հարցին լուծումը լիբանանցիներէն կու գայ:

Ըստ լրատուական աղբիւրներու, կը նախատեսուի, որ Լը Տրիան նաեւ տեսակցի լիբանանցի այլ պատասխանատուներու հետ, ինչպէս` Թրիփոլիի երեսփոխաններէն Ֆայսալ Քարամէի, նախագահական թեկնածու Ժիհատ Ազուրի եւ առնչակից այլ անձնաւորութիւններու հետ: Խորքին մէջ ֆրանսացի պատուիրակը «խոստացաւ» բոլորին հետ տեսակցիլ եւ անոնց «բազկերակը քննել» նախագահական ընտրութեան հարցին գծով: Ան դարձեալ Լիբանան պիտի այցելէ յառաջիկայ յուլիսին:

Նախորդը

Պայրամով. «Ազրպէյճան Կը Պաշտպանէ Ուքրանիոյ Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

Յաջորդը

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Միջազգային Օրէնքներու Անտեսումը` Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Եւ Պահանջեց Վերջ Տալ Արցախի Շրջափակման

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?