Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին շաբաթավերջին Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի պատասխանատու, վարչական եւ կենսոլորտի հարցերու նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի եւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ռահմունի հետ:
Քննարկուեցան տեղահանուածներուն տունդարձի թղթածրարը եւ լիբանանեան նախարարական յանձնախումբի մը Սուրիա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Շարաֆէտտին յայտնեց, որ իր կատարած այցելութիւնը շարունակութիւնն է նախորդ այցելութիւններուն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւնները անհրաժեշտ են` տունդարձի թղթածրարը լուծելու նպատակով:


