Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մքերի. «Պետական Պատկերասփիւռի Կայանը Չէ Փակուած, Եւ Մենք Կը Փորձենք Լուծել Հարցերը»

August 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ երէկ հրատապ հարցի եւ շրջանառութեան մէջ դրուած ու լայն տարածում գտած լուրի մը վերածուեցաւ պետական պատկերասփիւռի կայան «Թելէ Լիպան»-ի վերջնականապէս փակումին ակնարկող լուրը:

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ «Թելէ Լիպան»-ը չէ փակուած` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լուծելու համար կայանին սփռումը շարունակելու հարցերը, որոնք մեծաւ մասամբ կը վերաբերին պատկերասփիւռի կայանի պաշտօնէութեան պահանջներուն:

Մքերի հաստատեց, որ «Թելէ Լիպան»-ի պաշտօնէութեան պահանջները իրականացուած են, եւ անոնք իրենց իրաւունքները` ստացած, «հետեւաբար ինծի համար անյստակ են անոնց յայտարարած գործադուլին պատճառները», աւելցուց ան:

Մքերի նկատել տուաւ, որ կայանի պաշտօնեաներու սենտիքայի նախագահ Միրնա Շիտիաք գործադուլ յայտարարելու իր որոշումով կը կրէ համապատասխան պատասխանատուութիւն` նշելով, որ նախարարութիւնը պիտի աշխատի մնացեալ պաշտօնեաներուն հետ, որոնք տրամադիր են իրենց գործը շարունակել:

Աւելի ուշ Մքերիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Թելէ Լիպան»-ը փակելու որոշում չկայ, այլ` պետական գանձարկղի գումարներուն նկատմամբ նախարարի պաշտօնակատարի յանձնառութենէն մեկնած որոշում մը տրուած է առժամաբար կասեցնելու պետական պատկերասփիւռի կայանին սփռումը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Շիտիաքի տուած գործադուլի որոշումը ցոյց կու տայ, թէ ան ոչինչ գիտէ աշխատանքի ընթացքին մասին:

Նշենք, որ Շիտիաք յայտնած էր, թէ իրենց յայտարարած գործադուլը կը միտի պահանջել իրենց իրաւունքները եւ ոչ թէ Մքերիի դէմ տրամադրուիլ:

«Մենք մէկ միլիոնէն 5 միլիոնի միջեւ ամսական աշխատավարձ կը ստանանք, եւ մեր իրաւունքն է, որ կը պահանջենք», յայտնեց ան:

Շիտիաք պատասխանելով Մքերիի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան շեշտեց, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ վարչական հարցերով զբաղիլ` պաշտօնէութեան սենտիքային եւ անոր նախագահին փոխարէն:

«Պաշտօնեաներուն արդար իրաւունքները գոհացնող վարչական որոշումներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ջրել գործադուլին տուն տուող պատճառները», հաստատեց Շիտիաք:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քահալէի Միջադէպի Զոհերէն Ֆատի Պըժժանիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.