Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երկկողմանի գործակցութիւնը հեզասահ պահելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու կարեւորութիւնը:


