Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցաբար ձերբակալած է շարք մը յանցագործներ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ բանակը 11 եւ 12 օգոստոս 2023-ին, Շատրա գիւղաքաղաքին, Խըրպեթ Ռըմման շրջանին, եւ Աքքարի Անատաքթ Օուէյնաթ ճամբուն վրայ ձերբակալեց 150 հոգի, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին մուտք գործել Լիբանան:
Բանակը Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ ձերբակալեց Մ. Ս., Ա. Օ. եւ Ու. Թ. անուններուն սկզբնատառերը կրող քաղաքացիներ, որոնք մեղադրուած էին կրակելու յանցանքով:
Բանակը անոնց մօտ գրաւեց նաեւ Քալաշնիքով տիպի գնդացիրներ, զինամթերք եւ թմրեցուցիչ:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Զամարանի հովիտին մէջ ձերբակալեց քաղաքացի մը, որ մոթորսիքլեթով 23 քկ թմրեցուցիչ եւ 3000 քեփթակոն դեղահատ կը փոխադրէր:
Բանակը գրաւած իրերն ու ձերբակալուած յանցագործները յանձնեց դատական համապատասխան իշխանութիւններուն:
ՄԻՒՍ կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ գիշեր հաղորդեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը տեսակարար գործողութեամբ մը Աքքարի Շէյխ Զնատ գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալած է Հիւսիսային Լիբանանէն ապօրինի գաղթելու գործողութիւնները կազմակերպողը` Շ. Մ. Ս.-ն, որ ծանօթ է «Հազուրի» ծածկանունով:
Այս ձեւով բանակը սանձած է Միջերկրական ծովուն վրայով 400 հոգիի ապօրինի գաղթը:


