Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն անդրադարձաւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթին:
Պասիլ նշեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն 2005-էն ի վեր պահանջած է իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել Կեդրոնական դրամատան հաշիւները` աւելցնելով, որ 2021-ին ան կրցաւ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել իրաւական հաշուեքննութիւնը, հակառակ անոր որ օրին իր դէմ էր ամբողջ իշխանութիւնը:
«Վերջապէս լոյս տեսաւ իրաւական հաշուեքննութեան նախնական տեղեկագիրը, որ ամբողջական չէ` նկատի ունենալով, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան կողմէ հաշուեքննութեան աշխատանքը բազմիցս խափանուած է Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ: Սալամէ մերժած է նաեւ ընկերութեան յանձնել անոր պահանջած փաստաթուղթերը: Արարք մը, որ ինքնին քրէական հետապնդումի արժանի է», կը գրէ Պասիլ:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրաւական հաշուեքննութեան տեղեկագիրը բացայայտած է մեծ թիւով ապօրինութիւններ, օրինազանցութիւններ եւ վտանգաւոր տեղեկութիւններ, աւազակութիւններ եւ այլն: «Ամէնէն վտանգաւորը այն էր, թէ ելեւմտական քաղաքականութիւններու մշակումին, ինչպէս նաեւ յաւելումներու ճշդումին համար Կեդրոնական դրամատունը 76 միլիառ տոլար ծախսած է. գումար մը, որ համազօր է ելեւմտական իր բացին: Ասիկա ելեւմտական արտակարգ ոճիր մըն է, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ չէ գործուած, իսկ դատական իշխանութիւններուն եւ խորհրդարանին պատասխանատուութիւնն է շարժիլ, որովհետեւ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ, թէ ո՞վ գողցած է իրենց դրամը», կ՛ընդգծէ Պասիլ իր գրառումին մէջ:
Ան կը շեշտէ, որ Լիբանան կը գտնուի պատմական արտակարգ նախընթացի մը դիմաց, որ ներումի մասին պէտք չէ մտածէ: «Տեղեկագիրը կ՛ամբաստանէ քաղաքական ամբողջ ժամանակաշրջան մը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչը, որ կաշառքներով գնած է դատական իշխանութիւնը, լրագրողներն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնք ոգի ի բռին պաշտպանած են զինք», կը գրէ Պասիլ:
Ան հաստատեց, որ պայքարը մէկ տեղեկագիրով չ՛աւարտիր եւ ոչ ալ բոլոր փաստաթուղթերը յանձնելով: «Այսօր Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչին պատասխանատուութիւնն է ասիկա, իրաւական հաշուեքննութիւնը պէտք է աւարտի եւ սկսի պետական վարչութիւններուն, յատկապէս ուժանիւթի նախարարութեան պարագային` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնն ու խաբեբայութիւնը:
«Իրաւական հաշուեքննութեան նախնական տեղեկագիրը կը փաստէ մեր բոլոր կեցուածքներուն իրաւացիութիւնը եւ մեզի կը մղէ կամքի յաւելեալ զօրութեամբ շարունակելու այս պայքարն ու զայն վերածելու իրաւական ամբողջական հաշուեքննութեան: Մենք խոստացած են լիբանանցիներուն, որ լուռ պիտի չմնանք եւ պիտի հալածենք մեր ժողովուրդին դրամը եւ երիտասարդներուն յոյսերը գողցողները», եզրափակեց Պասիլ:


