Քահալէի վայրէջքին վրայ Դիմադրութեան զինամթերքը փոխադրող փոխադրակառքի շրջելուն պատճառով սպաննուած լիբանանցի քաղաքացի Ֆատի Պըժժանիի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին:
Պըժժանիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, որ ընդգծեց, թէ Քահալէի մէջ կատարուածը ազգային ողբերգութիւն մըն է, որ բնաւ եւ որեւէ պատճառով պէտք չէ կրկնուի: «Պէտք է վերջ տալ նման սպանութիւններուն եւ տխրութեան: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն կրկնապատկելու իրենց ճիգերը` իրականացնելու համար ապահովական կայունութիւնը, եւ կը պահանջենք անոնցմէ հաստատել խաղաղութիւնը եւ արգիլել եղբայրասպան կռիւները», նշեց ան:
Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս շեշտեց նաեւ, որ պատասխանատուներէն կը պահանջուի աշխուժացնել դատական իշխանութիւնները, որպէսզի իրաւատէրերը իրենց իրաւունքը ստանան եւ ոչ թէ զիրար սպաննեն ու ոխակալ մնան: «Սադրանքները կը հալածեն մեզի, մեր ժողովուրդը սպառած է, իսկ պատերազմը սանձարձակ չարիք մըն է, որ կարելի չէ զսպել: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ նախ Լիբանանի մասին մտածելու: Բոլոր պատասխանատուներէն կը խնդրենք ամէն ջանք ի գործ դնել` արգիլելու համար համայնքային լարուածութիւնը», եզրափակեց ան:
Կրակոցներու տարափին ներքեւ Քահալէի Մար Անթոնիոս եկեղեցի հասած Պըժժանիի դագաղը նոյնքան եւ աւելի կրակոցներով դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն, իսկ ապահովութեան ուժերը Քահալէի ճամբան երկու ուղղութեամբ փակ պահեցին` յուղարկաւորութեան առիթով:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին ճամբան վերաբացուեցաւ:


