ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութը` 42.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.758.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.796.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.605.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 868.000 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտը, որուն ընկերակցեցաւ Պէյրութի նոր քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի քաղաքապետարանին պարզած ներկայ իրավիճակը: Մաուալաուի իր ցուցմունքները տուաւ Տարուիշին` մայրաքաղաքի բնակչութեան պահանջներուն ընդառաջելու եւ քաղաքապետութեան վարչական եւ գումակային աշխատանքները աշխուժացնելու առումով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Քերիմ Քապպարա կոչ ուղղեց տրամաբանութեան եւ գիտակցութեան լեզուն աւելի յաղթական նկատելու, քան` սադրանքի լեզուն, որ միայն ապահովական հարցերով կրնայ դրսեւորուիլ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու անհրաժեշտ նկատեց ձերբակալել բոլոր անոնք, որոնք կապ ունին Քահալէի մէջ շրջած զինամթերքի փոխադրակառքին հետ, որովհետեւ անոնք կրակեցին Քահալէի բնակիչներուն վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան տեղեկագիրը նուաճում մըն է, որ կը պատկանի հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի ժամանակաշրջանին: Ժրայսաթի ընդգծեց, որ իրաւական հաշուեքննութեան այդ տեղեկագիրը լիբանանցիներուն սեփականութիւնը կը նկատուի եւ Լիբանանի նոր իշխանութիւնը ստանձնելիք պատասխանատուներուն կը պատկանի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զարգացումներն ու իրադարձութիւնները:


