Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Քաննուպինի մէջ նախագահեց Ս. պատարագի մը: «Մենք Լիբանանի հանդէպ մեր հաւատքը կը վերանորոգենք եւ զայն բնաւ յուսախաբ պիտի չընենք», ըսաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց տալու յանդուգն որոշումներ եւ վերադառնալու ազգային երկխօսութեան` հարցերը լուծել կարենալու եւ աշխատանքը հունի մէջ դնելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Քահալէի միջադէպին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած իմաստութիւնն ու գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ սադրանքներուն մէջ չներքաշուիլը կը մնայ իրենց ազգայնականութիւնն ու հերոսութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահութիւնը վերստանձնելու: Ան հաստատեց, որ ինք քաղաքական ժառանգութեան մշակոյթին չի պատկանիր:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտպանութեան` աւելցնելով, որ այդ յանձնառութենէն մեկնած Հըզպալլա շրջափակած է Քահալէի միջադէպը եւ վերջ տուած սադրանքի «յառաջխաղացք»-ին:

ԿԻՐԱԿԻ ուշ գիշերին զինեալներ ներխուժեցին Ուատի Խալետի Հիշա գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող Ներքին ապահովութեան ուժերուն ոստիկանատունը եւ փախցուցին 3 արգելափակեալներ, ու իրենք իրենց կարգին փախուստ տուին դէպի անծանօթ վայրեր: Լիբանանեան բանակէն ջոկատ մը ուղղուեցաւ Ուատի Խալետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ Հըզպալլա շատ լաւ մեկնաբանէ Քահալէի միջադէպը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն մնայուն ներկայութեան քրիստոնեայ ուժերուն զինումը անհաւանական է: Ան նշեց նաեւ, որ կասկածները ցոյց կու տան, թէ Հըզպալլա Այն Իպըլի մէջ սպաննած է Էլիաս Հասրունին, որ Պընթ Ժպէյլի Լիբանանեան ուժերու  նախկին պատասխանատուն էր: Միւս կողմէ, ան ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները` լիբանանեան եւ շրջանային մակարդակներու վրայ:

 

 

Նախորդը

Ուքրանիան Ստանձնած Է Խրիմի Կամուրջը «Ծխահարելու» Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Տըրղամ. «Հըզպալլայի, Պըրրիի Եւ Ֆրենժիէի Մօտ Մթնոլորտը Քաջալերելի Է»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.