Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երկուշաբթի, 14 օգոստոս-2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, նուիրուած` 2006-ի յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի 17-ամեակին:
Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ քանի մը օր ետք Լիբանան պիտի ժամանէ նաւթի ու կազի հորատման նաւ մը, որուն նկատմամբ լիբանանցիները յոյսով պիտի լեցուին` նկատի ունենալով, որ ան ներկայ շրջափակումին վերջ տալու իմաստով յոյս ներշնչող միակ առիթն է:
Սէյիտ Նասրալլա մաղթեց, որ երեսփոխանները ստեղծուած գերիշխանական ֆոնտը քաղաքական բանավէճի առարկայի չեն վերածեր, այլ անոր հանդէպ գերիշխանական իսկական մօտեցում կը ցուցաբերեն` երաշխաւորելու համար, որ Լիբանանի ծովային հարստութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն տրամադրուի:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան պէտք է տէր կանգնի դիմադրելու իր ուժին, եթէ պատահի, որ թշնամի Իսրայէլ փորձէ խլել անոր նաւթն ու կազը եւ իրաւունքները:
Ապա ան իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլին ըսաւ. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծէ, ապա զայն քարէ դար պիտի վերադարձնենք: Եթէ թիրախահար հրթիռները կարելի ըլլան Իսրայէլ հասցնել, ապա անոնք հիւլէական զէնքի կարողութիւններ ունին, իսկ եթէ պատերազմը ծաւալի եւ Դիմադրութեան բոլոր ճակատներուն վրայ երկարի, ապա Իսրայէլ կոչուած բան գոյութիւն պիտի չունենայ: Թշնամի Իսրայէլ գոյութեան եւ վերանալու խաղ մըն է, որ կը խաղայ, հետեւաբար պէտք է լուրջ եւ իրապաշտ վերաբերիլ անոր հետ` հեռու մնալով տեղեկատուական փուչիկներէն»:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանան ունի ուժի հիմնական ազդակներ, որոնք կարողութիւնը ունին զայն պաշտպանելու, անոր ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ թշնամիին դէմ պայքարելու ոսկեայ տարազով պայքարը շարունակելու:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը այսօր աւելի քան երբեք հզօր է:
Քահալէի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ հետաքննութիւնը ցոյց պիտի տայ, թէ ո՛վ որու վրայ յարձակած է: «Մեր վարուելակերպը եղաւ այն, որ ընկալենք կացութիւնը, հանդարտեցնենք կիրքերը եւ մեղմացնենք լարուածութիւնն ու մագլցումը: Մենք Քահալէի բնակչութեան հետ հարց չունինք: Քրիստոնեայ շրջանակներէն հնչեցին բազմաթիւ կեցուածքներ, որոնք կը մղէին կացութիւնը հանդարտեցնելու: Քաղաքական որոշ ուժեր անդրադարձան սադրանքներ հրահրելու վտանգներուն, ոմանք պաշտպանեցին Դիմադրութիւնը, սակայն կարգ մը քաղաքական ուժեր կը փափաքէին հարցը այլ տեղ փոխադրել: Մեզի համար Քահալէի զինեալ միջադէպը դատական իշխանութեան մօտ կը գտնուի, եւ բոլորին դէմքերը բացայայտուած են: Մենք ապահովութեան ուժերուն յայտնած ենք գործակցելու մեր պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց, որ դատական իշխանութիւնները նկատի ունենան նաեւ տեղեկատուական սադրանքներու իրականութիւնը` աւելցնելով, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու վարուելակերպին ու աշխատելաոճին պատճառով Քահալէի մէջ միջադէպը զարգացած է: Ան հաստատեց, որ նման լրատուամիջոցներ արիւնահեղութեան պատասխանատու կը նկատուին:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց քաղաքական յայտարարութիւններն ու խորհրդակցութիւնները հանդարտ պահելու, որովհետեւ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ այդ միջադէպերը իմաստութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր ոգիով լուծելը:
Քահալէի միջադէպին մասին իր խօսքը եզրակացնելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ միջադէպը փաստած է, թէ լիբանանեան բանակն է, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:


