Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան կը մերժէ հիւրընկալել ոչ լիբանանցի ոեւէ ապօրինի գաղթական, ինչ ալ ըլլայ այն կէտը, ուրկէ կատարուած է զայն փոխադրող նաւուն մեկնարկը:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները` տեղական եւ շրջանային առումով:
Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ անիկա պիտի կատարուի այս ամսուան աւարտին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք նիստին ընթացքին:
Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել. քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը:


