Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2023-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

August 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ:

Պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր, որոնք նկատի առնուած են օրէնսդրական նիստի այսօրուան օրակարգին վրայ:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկը:

Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ օրինագիծ մը, որ նախարարաց խորհուրդին իրաւասութիւն կ՛ընծայէ մաքսատան մարզին մէջ օրէնսդրութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ վաւերացուց այլ օրինագիծ մը, որ կը միտի 2023-ի պետական ամավարկին զուգահեռ առիթ ստեղծել պահեստի գումարներէն ծախսելու:

Վաւերացուած պետական ամավարկին համաձայն, պետական գանձարկղի նիւթական բացը հասաւ 45 հազար միլիառ լ. ոսկիի, այսինքն` 24 առ հարիւրի, մինչդեռ նախապէս ան 18 առ հարիւր էր:

Նիստին ընթացքին Միքաթի ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլէն եւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիէն պահանջեց համապատասխան առաջարկներ ներկայացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաւական հաշուեքննութեան իմաստով պէտք եղած քայլերուն դիմել:

Ան նկատել տուաւ, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը բացայայտած է, թէ ելեւմտական կանոնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ ինք այդ նպատակով կը մտածէ կազմել յանձնախումբ մը:

Քահալէի միջադէպին անդրադառնալով` Միքաթի ըսաւ, որ այդ միջադէպին մասին լիբանանեան բանակին կողմէ բացուած հետաքննութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ իբրեւ կառավարութիւն ինչ որ պէտք էր կատարէին գործադրած են:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ընդդիմութեան երեսփոխանները, որոնք հիմնականին մէջ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու երեսփոխաններն են, ինչպէս նաեւ կարգ մը փոփոխութեան երեսփոխաններ, երէկ ստորագրեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենց համար այլեւս յստակ է, որ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ կարելի չէ որեւէ երկխօսութիւն կատարել:

Անոնք ողջունեցին Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, յատկապէս Ֆրանսայի կողմէ օժանդակութեան քայլերը` ընդգծելով սակայն, որ երկխօսութիւնը անկարելի է կատարել Հըզպալլայի հետ:

Անոնք զգուշացուցին, որ Հըզպալլա կը փափաքի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ պարտադրել:

Ընդդիմադիր երեսփոխանները հաստատեցին, որ իրենց ընդդիմութիւնը պիտի ըլլայ խաղաղ եւ ժողովրդավարական` պետական հաստատութիւններու աշխատանքին շրջագիծին մէջ: Անոնք կոչ ուղղեցին ընդդիմադիր բոլոր երեսփոխաններուն համաձայնելու քաղաքական ընթացագիծի մը եւ բարեկարգումներու միացեալ ծրագիրի մը շուրջ` մագլցողական ընդդիմութիւն գործադրելու նպատակով:

Անոնք կոչ ուղղեցին ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վերջ տալու սահմանադրութիւնը խախտելու քայլերուն եւ բաւարարուելու ընթացիկ հարցերը կարգաւորելու իրենց սահմանափակ իրաւասութիւններով:

Ընդդիմութեան երեսփոխանները շեշտեցին, որ իրենք պիտի չմասնակցին այսօրուան օրէնսդրական նիստին, եւ կոչ ուղղեցին բոլոր երեսփոխաններուն պոյքոթի ենթարկելու այդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը:

Ընդդիմադիր երեսփոխանները բանակին, ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ պաշտպանելու լիբանանցիները` վերջ տալով միլիսներու գոյութեան, բացայայտելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը եւ գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559, թիւ 1680 եւ թիւ 1701 բանաձեւերը:

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան 38 լիբանանցի երեսփոխաններուն` երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչներ եւ փոփոխութեան երեսփոխաններ, յղեց նամակ մը, որուն մէջ պահանջեց նշել այն յատկանիշները, որոնք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը պէտք է ունենայ:

Իր նամակին մէջ Լը Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հանդիպումը կը միտի վստահութեան մթնոլորտ մը ապահովել` կարենալ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:

Քաղաքական եւ ելեւմտական այս զարգացումներուն զուգահեռ, քաղաքական շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

Այս մասին շրջանառութեան մէջ դրուած կարգ մը տեղեկութիւններ կը հաստատեն, որ երկխօսութիւնը բաւական յառաջխաղացք արձանագրած է, իսկ կարգ մը այլ աղբիւրներ կը գրեն, թէ Հըզպալլա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն կը պահանջէ վերջնականացնել իր կեցուածքը` նախքան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի աւարտը:

Նախորդը

Նաւթի Եւ Կազի Հորատման Նաւը Հասաւ Թիւ 9 Նաւթահոր

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Պաքուն Ղարաբաղի Հայերուն Նաեւ Առաջարկած Է Ֆիզուլի-Շուշի Ճամբան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.