Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն` ընկերակցութեամբ Ալա Ժլէյլաթիի:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ ինք տարեկան դրութեամբ կ՛այցելէ Տիման` ողջունելու Ռայի պատրիարքին փոխադրութիւնը մարոնի պատրիարքութեան ամարանոց:
Ան նշեց նաեւ, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները ներկայացուցած է Ռայի պատրիարքին եւ անոր հետ քննարկած շարք մը ազգային հարցեր` ընդգծելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Քարամէ հաստատեց, որ ընտրութիւնը ուշացնելով ամբողջ աշխարհին, ներքին լիբանանեան առումով եւ քրիստոնեայ ներկայութեան իմաստով ժխտական ցուցանիշներ կ՛ուղարկենք եւ համոզուած ենք, որ նախագահական ընտրութիւնը յապաղեցնելու բացատրութիւն չկայ:
Քարամէ նշեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական շրջուն դէպքերը, որոնք այլ երկիրներու մէջ կրնան բնական միջադէպեր ըլլալ, սակայն Լիբանանի մէջ անոնք համայնքային ու յարանուանական մեկնաբանութիւն կը ստանան:
«Փառք Աստուծոյ, լիբանանեան բանակը կ՛երաշխաւորէ բոլորը` նախապատրաստուող սադրանքներէն, իսկ միակ դրական եւ ուսանելի դասը այն է, որ լիբանանցիները կամք ու կորով ունին իրարու հետ գոյակցելու», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:
Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Քեմիլ Շամունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Շամուն կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը ներկայացնէ զիրենք եւ ըլլայ գերիշխանական ու բարեկարգումի հաւատացող:


